2015-07-13 13:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապը ցոյց տուաւ թէ ''Փոփոխութիւնները կարելի են''` Հայր Լոմպարտի։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն` Հայր Ֆետրիքօ Լոմպարտի

Ներկայացնելով Ֆրանչիսկոս Պապի Ամերիակայի ցամաքամասին շնորհած 9-րդ միջազգային Ճամբորդութեան ընդհանուր հաշուէկշիռը յայտնեց թէ ան եղաւ ''բացարձակապէս դրական ճամբորդութիւն մը, Լատին Ամերիկիոյ ժողովուրդին ուղղուած Յոյսի մեծ պատգամով։

 Արտակարգ ջերմ  ընդունելութիւն

Հարկաւոր է ընդգծել թէ  Ֆրանչիսկոս Պապ ամբոխին կողմէ արտակարգ  ջերջ ընդունելութիւն ստացաւ – ըսաւ Հայր Լոմպարտին -   անոնք՝  խոր սիրով, գուրգուրանքով եւ մեծ ուշադրութեամբ համապատասխանեցին Ֆրանչիկոս Պապի  պատգամներուն, որոնք  քաջալերանքի  եւ ներշնչման աղբիւր  հանդիսացան ինչպէս նաեւ ապագայի նկատմամբ մեծ յոյս,  նկատի առնելով որ Ֆրանչիսկոս Պապի այցելած երկիրները իրենց պատմութեան մէջ  դիւրաբեկ պահեր կ՝ապրին, թէեւ անցեալի բաղդատմամբ աւելի լաւ օրեր, սակայն տակաւին կը գոյատեւեն ծանր հարցեր  ինչպէս աղքատութիւնը,  մեկուսացեալներու հարցը  եւ  անարդարութիւնը։

Յոյսի պատգամ` փոփոխութիւնը կարելի է։

Հայր Լոմպարտի հաստատեց,  թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կարողացաւ յոյսի դրական պատգամ սփռել,   նաեւ ցոյց տալով­  որ Եկեղեցին համեստութեամբ  մօտիկութիւն կը ցուցաբերէ եւ մասնկաից է  այս ուղեւորութեան,  զօրակցելով  ժողովուրդներուն։

Սրբազան Հայրը հռչակեց   ողորմութեան Աւետարանը որ կ՛օժանդակէ կառուցելու սիրոյ եւ զօրակցութեան աշխարհ մը եւ որ առիթ կու տայ բարեփոխելու համակարգերը ուր կը գերակշռեն տնտեսական շահերը որոնք իրենց որպէս կեդրոն ընտրեն հասարակաց բարիքն ու անհատը։ Ֆրանչիսկոս պապը ցոյց տուաւ թէ ինչպէս այս փոփոխութիւնը կարելի է, ինչպէս կարելի է այս յեղափոխութիւնը` Քրիստոնէական ներշնչումի ընդմէջէն։ 

Աւետարան մը որ կարող է ներշնչել  եկեղեցիէն դուրս գտնուող անձերը

Երեք երկիրներու ճամբորդութեան կեդրոնական պատգամը եղաւ  Աւետարանի քարոզչութեան ուրախութիւնը որ Ֆրանչիսկոս Պապի Քահանայապետութեան ներշնչումն է ։ Աւետարան մը որ  անչատուած չէ աշխարհի իրականութենէն , եւ որ կարող է ներշնչել բարի կամք ունեցող անձերը  նոյնիսկ  անոնք որոնք եկեղեցիէն դուրս կը գտնուին։

Յոգնեցուցիչ Ճամբորդութիւն, Պապի արտասովոր ուժը։

Հայր Լոմպարտի նկատել տուաւ, որ Ֆրանչիսկոս պապը, ճամբորդութեան յոգնութիւնը կրեց մեծ ուժով,  եւ արտասովոր բնական քաջութեամբ։ Նկատի առնելով անոր տարիքը եւ ունեցած խիտ յայտագիրը  Ֆրանչիսկոս Պապ ցուցաբերեց արտասովոր ուժականութիւն։ Սրբազան Պապը իր ամբողջ էութիւնը դրաւ ունեցած հանդիպումներու մէջ։ Ինք եւս  յայտնած է թէ Աստուծմէ յատուկ  շնորհք մը ստացած է որ զինք կ՛օգնէ,   շնորհք  մը  որ Տէրը շնորհած է`   իրեն  յանձնելով այս պարտականութիւնը, զայն լաւապէս կատարելու համար եւ այս ի յայտ եկաւ  նաեւ այս վերջին ճամբորդութեան ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.